17 June, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՐԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը իր այցելուներու շարքին նաեւ ընդունեց գրագէտ Պօղոս Շահմելիքեանը: Լիբանանի հայութեան մշակութային կեանքին մաս կազմած եւ այժմ ընտանիքով Լոս Անճելըս հաստատուած տիար Պօղոս Շահմելիքեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանին եւ իր ընտանիքին հետ միասին այցելեց Նորին Սրբութեան՝ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» գիրքին համար:

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու ընդհանրապէս հայ մշակոյթին եւ յատկապէս գեղարուեստական ու թատերական հարցերու մասին: Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց մեր ժողովուրդին մշակութային արժէքներու տարածման ու զարգացման իրենց կարեւոր նպաստը բերող մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն եւ գրագէտներուն զօրակցելու եւ հայ կեանքէն ներս լայն տեղ տալու անհրաժեշտութիւնը:

More News