15 Հունիսի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Շաբաթ, 15 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ անձերը.-

 

ա) Դոկտ. Ալեքս Մուքարզէլ, եկած էր Նորին Սրբութեան պաշտօնական հրաւէր փոխանցելու՝ մասնակցելու յառաջիկայ շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք համագումարի մը:

 

բ) Դոկտ. Գոհար Գրիգորեան-Սավարի, հայ արուեստի հետազօտող Զուիցերիոյ Ֆրիպուրկ համալսարանին մէջ, որ եկած է Անթիլիասի Մայրավանքի արխիւատան մէջ ուսումնասիրելու Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի ձեռագիրներու առնչուած նիւթ մը:

 

գ) Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, նոյն շրջանի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Սեւան Գալայճեաններուն հետ միասին, որոնք եկած էին որպէս կնքահայր ներկայ գտնուելու Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունենալիք աբեղայական ձեռնադրութեան եւ օծման։

 

դ) Մտաւորականներ Լիբանանէն, Յունաստանէն եւ Հալէպէն՝ Շահան Գանտահարեան, Միհրան Քիւրտօղլեան եւ Աւօ Գաթըրճեան, որոնք Նորին Սրբութեան հետ զրուցեցին հայ մամուլը, մշակոյթը եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքը յուզող հարցերուն շուրջ:

More News