Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՊԵՏՐՈՍ ԱՃԷՄԵԱՆԸ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ Կաթողիկոսարանի պաշտօնէութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ մահացած Պետրոս Աճէմեանը, շքանշանը յանձնելով իր այրիին՝ Տիկ. Անի Աճէմեանին՝ իր զաւակներուն ներկայութեան:

 

Պետրոս Աճէմեան Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը եղած է եւ որպէս Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անդամ, տիկնոջ հետ միասին, իր կարեւոր մասնակցութիւնն է բերած միութեան աշխատանքներուն: Անոնք գործօն ներկայութիւն դարձած են Գալիֆորնիոյ հայ գաղութի կեանքէն ներս: Յայտնենք նաեւ, թէ Պետրոս Աճէմեան Նորին Սրբութեան աբեղայական ձեռնադրութեան կնքահայրն է եղած 1968-ին:

 

Այս առիթով, Տիկ. Անի Աճէմեան եւ իր զաւակները յատուկ հիմնադրամ մը հաստատեցին Կաթողիկոսարանէն ներս, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր: