13 June, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 13 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Արժանթինի մօտ Լիբանանի դեսպան Ճոնի Իպրահիմ, ընկերակցութեամբ Ֆրեզնոյի Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Հերի Նաճարեանին: Յայտնենք, որ դեսպանը նախապէս Լոս Անճելըսի մէջ հիւպատոս էր եւ հետեւաբար մօտէն ծանօթ էր հայ համայնքին:

 

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ խօսելու Միացեալ Նահանգներու ու Արժանթինի մէջ հաստատուած հայ համայնքները, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը դիմագրաւող մարտահրաւէրներու մասին: