Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՀԵՐԻ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի Լիբանանի հիւպատոս Հերի Նաճարեանին: Հիւպատոսը Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց, որպէս պատուոյ հիւպատոս, իր կատարած աշխատանքներուն մասին, մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի եւ Այնճարի միջեւ գործակցութիւն հաստատելու գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Գալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած կարգ մը երեւոյթներու եւ զարգացումներու մասին:

 

Յայտնենք, որ Հերի Նաճարեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Գալիֆորնիոյ հայութեան համայնքային կառոյցներու ու յատկապէս Հ.Մ.ԸՄ.ի աշխատանքներուն: