5 June, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ

 
Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին` զօրավար Միշէլ Աունի դուստրը Միրէյ Աունը, որ միաժամանակ նախագահին բարձրաստիճան խորհրդականներէն մէկն է: Հանդիպման նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի բարերարներէն Սուրէն Վարդանեան:
 
 
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան եւ անոր դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն:
 
 
Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց երկար տարիներէ ի վեր Փարիզ հաստատուած սրտաբան ու գրագէտ Տոքթ. Նապիլ Նաաման: Ան, վերջերս հրատարակած է ֆրանսերէն լեզուով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրք մը, որ լայն արձագանգ գտած է ֆրանսախօս շրջանակներէն ներս:
 
 
Տեսակցութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կատարուող աշխատանքներուն:

More News