Հայ լեզուի եւ գրականութեան ջատագով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած միջ-դպրոցական մրցաշարքը բոլորեց իր 10-րդ տարին։ Հիմնադրամին մրցումները կ՚ընդգրկեն հայ լեզուի ու գրականութեան, հայկական տպագրութեան եւ մամուլի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի բաժիններ։
Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի առաւօտուն, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սոյն մրցումներուն մրցանակաբաշխութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերու, ազգայիններու, տնօրէններու, հայերէնաւանդ նիւթերու դասատուներու, դատակազմերու անդամներուն, աշակերտներու ու անոնց ծնողներուն։
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան։ Ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց այս տարուան պատկերին վրայ, դիտել տալով, որ թէեւ կարգ մը մրցանքներուն աշակերտութեան մասնակցութեան թիւը կը շարունակէ մնալ գոհացուցիչ, սակայն այլ տեղեր, ի մասնաւորի հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցանքի պարագային, թիւի եւ գիտելիքի նահանջ կ՚արձանագրուին։ Դանիէլեան ապա յայտնեց, որ 2019-ն Հայ մամուլի տարուան նուիրուած ըլլալով՝ մրցանքներուն մէջ յատուկ տեղ տրամադրուած էր հայ մամուլին եւ տպագրութեան։ Վերջապէս, ան համեմատական մը կատարեց նախորդ տարուան ու այս տարուան աշակերտութեան թուային ներկայութեան միջեւ, յայտնելով, որ այս տարի 121 մրցակիցներ մասնակցած են վերոյիշեալ մրցանքներուն, որոնցմէ 25-ը մրցանակակիր են, իսկ 17-ն ՝ յիշատակութեան արժանացած են։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։ Ան իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց ի տես նման մրցաշարքին, որ առիթ կը հանդիսանայ թէ՛ լիբանանահայութեան մօտ վառ պահելու հայագիտական նիւթերու նկատմամբ բծախնդրութիւնը եւ թէ աշակերտութեան մօտ վառ պահելու նուիրումին ու հետեւողական աշխատանքին հաւատքն ու տեսլականը։ Վեհափառ Հայրապետը ապա ընդգծեց, որ հայագիտական նիւթերը պէտք է առաջնահերթ տեղ գրաւեն մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ, իսկ ինքնաքննադատութիւնը եւ իրապաշտ մօտեցումը կարեւոր են, որպէսզի թերացումները տեսնելով հաւաքական ու բարձրագոյն աստիճանի յանձնառութեամբ կարենանք դիմագրաւել մարտահրաւէրները։ Ան աւելցուց, թէ բնական է, որ մօտեցումներ եւ առաջնահերթութիւններ փոփոխութեան ենթարկուին, որովհետեւ կեանքը քարացած չի կրնար ընթանալ, եւ ատոր համար պէտք է փոփոխութիւնները եւս վերարժեւորման եւ վերաքննութեան ենթարկել, որպէսզի քայլ պահենք կեանքին հետ՝ միշտ մեկնելով եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ընդհանրական արժէքներէն։ Հայրապետը եզրափակեց յիշեցնելով, որ մեթր Խաչիկ Պապիկեանի անունով սոյն հիմնադրամը հաստատուած է լիբանանահայութեան համար, որպէսզի Լիբանանահայ կեանքին մէջ զարգանան հայ մշակոյթի ու հոգեւոր ու մտաւոր բարոյական, կրթական արժէքները, եւ ուրախութիւնը յայտնեց Պապիկեան դստեր սոյն առաքելութեան շարունակութիւնը։
Ստորեւ կու տանք «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակակիրներուն անուանացանկը.-
«ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐՐՈՐԴ
Սալլում Ռիթա Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
Մարտիրոսեան Լիակ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐԿՐՈՐԴ
Գառնէշեան Լոռի Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԱՌԱՋԻՆ
Թասլաքեան Փաթիլ Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Գափլանեան Մարիա Հմզգ. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Թաթոյեան Սիլվի Ազգ. Միացեալ Վարժարան
ԵՐԿՐՈՐԴ
Մանուկեան Վառակ-Նարեկ Հմզգ. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Խշուաճեան Աւօ Ազգ. Միացեալ Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Գրտանեան Հրակ Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք
«ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐԿՐՈՐԴ
Աւագեան Կալի Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԱՌԱՋԻՆ
Չափարեան Ալիսա Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԱՌԱՋԻՆ
Արապաթլեան Գրիգոր Սրկ. Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ, ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԿՐՕՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ» ՄՐՑԱՆՔ
ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ՉՈՐՐՈՐԴ
Ճուլֆայեան Մարիթա Հայ Կաթողիկէ Մխիթարեան Վրժ., Ռաուտա
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐՐՈՐԴ
Կերկէրեան Լոռի Ազգ. Միացեալ Վարժարան
Գարագաշեան Աշոտ Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐԿՐՈՐԴ
Ժալըֆեան Կլօրիա-Մարիա Հմզգ. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԱՌԱՋԻՆ
Թագւորեան Կալի Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
Գիլէճեան Գալին Հմզգ. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Պասմաճեան Հրանդ Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք
ԵՐԿՐՈՐԴ
Մարտօ Քրիստիան Հայ Աւետ. Կեդ. Բրձ. Վրժ., Էշրէֆիէ
Խայեաթ Լէոնարտօ Ազգ. Միացեալ Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Տէմիրճեան Յարութ Հայ Աւետ. Կեդ. Բրձ. Վրժ., Էշրէֆիէ
Այանեան Ալին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ, ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԿՐՕՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ» ՄՐՑԱՆՔ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
Ոչ մէկը
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Այնթապլեան Յասմիկ Հայ Աւետ. Երկդ. Վրժ., Այնճար
Քէօշկէրեան Ղազար Սրկ. Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք
ԵՐԿՐՈՐԴ
Քէշիշեան Գարլա Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձ. Վրժ.
ԱՌԱՋԻՆ
Այվազեան Տեմիս Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք
Կէօչերեան Սերժ Հ.Կ.Բ.Մ. Սահակեան Լ. Մկրտիչեան Գոլէճ
«ԱՍՄՈՒՆՔ»Ի ՄՐՑԱՆՔ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐՐՈՐԴ
Արապօղլեան Տաթեւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐԿՐՈՐԴ
Լախեան Հրակ Հմզգ. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԱՌԱՋԻՆ
Քէշիշեան Արմինէ Հայ Աւետ. Գոլէճ, Քաղաք
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Պէրպէրեան Արտակ Հայ Աւետ. Երկդ. Վրժ., Այնճար
ԵՐԿՐՈՐԴ
Պօղոսեան Քէյաննա Հայ Աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան Վրժ.
ԱՌԱՋԻՆ
Խաչատուրեան Մարիա Ազգ. Միացեալ Վարժարան
Անտրեան Նշան Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք
«ԱՍՄՈՒՆՔ»Ի ՄՐՑԱՆՔ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԵՐԿՐՈՐԴ
Խաչօ Սթիվըն Ազգ. Միացեալ Վարժարան
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ` ԱՌԱՋԻՆ
Սալխանեան Վարդի Հ.Կ.Բ.Մ. Սահակեան Լ. Մկրտիչեան Գոլէճ
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Սիմոնեան Սիլվա Հայ Կթղ. Պք.ի Ս.Խաչ-Հարպոյեան Բրձ. Վրժ.
ԵՐԿՐՈՐԴ
Մարտիրոսեան Ռուբէն Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
Ղուկասեան Պարոյր Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.
ԱՌԱՋԻՆ
Պալեան Կարապետ Սրկ. Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք
Էօրտէքեան Կարապետ Սրկ. Մ.Տ.Կ.Կ. Դպրեվանք