26 Մայիսի, 2019

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻԱՑՈՒՄՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Ներկայ գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր Նորին Սրբութիւնը տուաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Հանրապետական Մաղթանքէն ետք

 

Կատարեցինք «Հանրապետական Մաղթանք» մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, աղօթեցինք մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջդիմութեան ու հզօրութեան համար, մաղթելով որ հայրենի մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իշխանութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան յանձնառու հայոց բանակը՝ խոր հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով լծուին իրենց հայրենաշէն ու ազգանուէր ծառայութեան:

 

Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է եւ անոնց միաձոյլ ամբողջութիւնը։ Հետեւաբար, հայրենիքը սրբազան արժէք է. ան իր ժողովուրդին գոյութեան ամրոցն է, հզօրութեան աղբիւրը եւ յաւերժութեան երաշխիքը: Հայրենիքի պահպանումը, հզօրացումը ու ծաղկումը եւ անոր ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն հաւատարմութիւնը՝ իւրաքանչիւր հայու կեանքին առանցքը ու գործին նպատակը պէտք է դառնայ: Հայրենիքը իր ժողովուրդով կայ ու կը մնայ իր ժողովուրդին միասնականութեամբ կը ծաղկի իր ժողովուրդին արիւնով եւ քրտինքով կը մնայ ամուր ու կանգուն բոլոր տեսակի փոթորիկներուն դիմաց:

 

Այսօր, 101-րդ տարեդարձն է մեր ժողովուրդի պատմութեան այն վճռադրոշ դէպքին, որ հայ կեանքի օրացոյցին վրայ բնորոշուած է որպէս Մայիս 28: Սովորական թուական մը չէ Մայիս 28-ն։ Ան ո՛չ միայն Հայաստանի առաջին անկախութիւնը բնորոշող թուական է, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի անկախութեան ձգտումը մարմնաւորող խորհրդանիշ է, ոգի է ու պատգամ:

 

Ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն ետք հայ ժողովուրդի կեանքը տառապանքով ու հալածանքով լեցուած էր։ Սակայն Հայկերու ու Արամներու, Վարդաններու ու Խրիմեան Հայրիկներու զաւակներու կեանքին մէջ անկախութեան տենչը երբեք ստուեր չէր տեսած: 1918-ին տառապանքի ճիրաններու մէջ տուայտող հայ ժողովուրդը հակառակ զինք շրջապատող ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն կերտեց իր անկախութիւնը իր դարաւոր հայրենի հողին վրայ: Ճի՛շդ է, Հայաստանի անկախութիւնը երկար չտեւեց՝ աշխարհաքաղաքական պայմաններու հետեւանքով. սակայն անկախութեան տեսլականը, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը միշտ վառ մնաց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ջատագովն ու ռահվիրան դարձաւ՝ եռագոյնով խորհրդանշուող ամբողջական ու միացեալ Հայաստանին տեսլականին։ Սերունդներ կազմաւորուեցան ու թրծուեցան այս տեսլականով՝ մեր եկեղեցիներէն, դպրոցներէն, ակումբներէն ու ընտանիքներէն ներս:

 

Այսօր, 101 տարիներ ետք, ի՞նչ է Մայիս 28-ի խորհուրդէն ու ոգիէն եկող պատգամը.-

 

Առաջին, ամբողջական Հայաստանի ոգիին ու տեսլականին իրագործման առաջնորդող առաջին ճամբան, համահայկական ճիգով ներկայ Հայաստանի հզօրացումն է: Պատմական Հայաստանի փոքր հողաշերտին վրայ հաստատուած է ներկայ Հայաստանը։ Անոր ծաղկումը, ժողովուրդին տնտեսական մակարդակի բարձրացումը, միջազգային յարաբերութիւններու ծաւալումը, գործակիցներու ու բարեկամներու ծիրին ընդլայնումը երաշխիք մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու անոր դերակատարութեան ամրացման միջազգային համայնքէն ներս: Ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի իրագործման նախապայմանը ներկայ Հայաստանին հզօրացումն է։ Վաղուան Հայաստանին արմատները կը գտնուին Հայաստանին մէջ: Հարկ է զօրացնել այդ արմատները: Զօրացնել Հայաստանը կը նշանակէ տնտեսական ներդրումէն ու թուրիստական այցելութենէ անդին մասնակից դառնալ հայրենաշինութեան համազգային առաքելութեան:

 

Երկրորդ, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգիին ու տեսլականին իրագործման առաջնորդող երկրորդ ճամբան Արցախի անկախութեան ամրացումն է։ Արիւնով մեր վերատիրացած անկախութեան ու քրտինքով ծաղկեցուցած մեր հայրենի հողին՝ Արցախին գծով ո՛չ մէկ զիջում ընդունելի է: Արցախը գրաւուած տարածք չէ, այլ՝ մեր հերոսներու արիւնով վերագրաւուած հայրենի հող է: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ արիւնով ձեռք ձգուած իրաւունքը չի կրնար զոհը դառնալ աշխարհաքաղաքական շահերու: Ազգի մը իրաւունքը սրբազան արժէք է: Արդ, ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրագործումը կը սկսի Արցախի Հայաստանին միացումով:

 

Երրորդ, ամբողջական Հայաստանի ոգիին ու տեսլականին իրագործման առաջնորդող երրորդ ճամբան հայ ժողովուրդին միասնականութիւնն է: Սա սովորական լոզունգ չէ։ Մեր կեանքէն ներս տեսակէտներու ու մտածումներու տարբերութիւնը բնական է եւ հարստացուցիչ: Սակայն, կը մերժենք մեր հայրենիքին եւ ազգին հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներու նկատմամբ ամէն տեսակի տհաճ մօտեցումներ: Կը մերժենք մեր կեանքէն ներս բեւեռացումներ յառաջացնող մտածելակերպեր ու գործելակերպեր: Կը մերժենք մեր կեանքէն ներս՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի, ցնցումներ պատճառող ամէն տեսակ քայլեր: Կ՚ողջունենք այն բոլոր մօտեցումներն ու գործելակերպերը, որոնք օրէնքի իշխանութիւնը վեր կը նկատեն անհատի իշխանութենէն, հայրենիքի շահը՝ կողմնակի շահէն, հայութեան գերագոյն ու ընդհանրական շահերը ամէն բանէ վեր կը նկատեն: Ճակատագրական է մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանը: Տեսանելի ու անտեսանելի թշնամիներով շրջապատուած ենք: Մեր հզօրագոյն զէնքը մեր միասնականութիւնն է եւ մեր ազգի միասնականութեան առանցքը Հայաստանն է ու Արցախը: Ամրօրէն կառչինք մեր արժէքներուն, ձգտումներուն եւ իրաւունքներուն:

 

Ա՛յս է պատգամը Մայիս 28-ին:

 

Ա՛յս է մեր հայրենիքը ու ազգը դէպի հզօրացում, պայծառացում ու յաւերժութիւն առաջնորդող ճամբան:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

More News