«ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻԱՑՈ՛ՒՄՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնին խորհրդանիշը ոչ միայն իր էութեան մէջ է, այլ նաեւ այն յատկութեան, որ այս անկախութիւնը ընդելուզուած է մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հետ, որուն համար մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Հանրապետական Մաղթանք։ Այս արարողութեամբ, եկեղեցին աղօթք կը բարձրացնէ առ բարձրեալն Աստուած Հայաստանի իշխանաւորներէն անդին ու վեր հայրենիքին համար, որ հողին ու ժողովուրդին անքակտելի ամբողջութիւնն է։ Իսկ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութիւնը նշել Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ այն հողին վրայ, որ Սփիւռքի մէջ հայրենիք դարձած է Ցեղասպանութիւն տեսած ու անկէ միայն երեք տարի ետք Սարդարապատի ճակատամարտը յաղթութեամբ մղած ժողովուրդին համար, ունի իր հոգեպարար իմաստն ու պատգամը։
Այս առիթով, Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ Հանրապետական Մաղթանքին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն։ Հուսկ, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայրավանքին շրջափակին մէջ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք Վեհարանի դահլիճ մէջ տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան անուանակոչութեան նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն մը՝ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով։
Անկախութեան տարեդարձին նուիրուած պատգամը Նորին Սրբութիւնը ուղղեց եկեղեցւոյ Ս. Խորանէն։ Ան ըսաւ, որ մեր հայրենիքի հզօրութեան աղբիւրը եղած է մեր հողին ու ժողովուրդին նոյնացումը, հետեւաբար, մեր ժողովուրդը միահամուռ կերպով դիմադրած է թշնամիները՝ յանուն ազատութեան, հաւատքի ու անկախութեան. այս հանգամանքը հայրենիքը սրբազան արժէք դարձուցած է մեզի համար։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ իշխանութիւնները եւ պետական կառոյցները առկայ են փոփոխութեան, սակայն, մնայուն արժէքը հայրենիքն է՝ իր հողով ու ժողովուրդով. «Հանրապետական մաղթանքի ճամբով մենք աղօթեցինք մեր բոլորին սիրելի ու պաշտելի հայրենիքին համար, որ պատմութեան ընթացքին, հակառակ մեզ շրջապատող դառն պայմաններուն, մնաց։ Գոյն փոխեց՝ բայց մնաց. կառոյց փոխեց՝ բայց մնաց. իշխանութիւն փոխեց՝ բայց մնաց։ Հայրենիքն է մնայուն, գերագոյն ու սրբազան արժէքը, եւ մեր ժողովուրդը պէտք է այս սրբազան արժէքին շուրջ համախմբուի՝ հայրենիքը ու հայութիւնը դաւանելով մեր կեանքի ամէն բանէ վերը», ըսաւ ան։
Ապա, Հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգին ու տեսլականը.-
Առաջին՝ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգին ու տեսլականը վառ պահել կը նշանակէ հզօրացնել ներկայ Հայաստանը։ Ան ըսաւ, որ թէկուզ փոքր հողաշերտ մնացած է պատմական մեր Հայաստանէն, սակայն այդ հողաշերտին մէջ կը գտնուին մեր դարաւոր արմատները եւ հարկ է հզօրացնել զանոնք։ «Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, այսօր իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է հզօրացնել ներկայ Հայաստանը, եւ այդ հզօրացումը տնտեսական ներդրումներէ եւ զբօսաշրջային այցելութեններէ անդին ու վեր պէտք է ըլլայ, որովհետեւ հայրենիքի հզօրացումը մասնակցութիւն է հայրենաշինութեան ու հայրենակերտումի սրբազան եւ համազգային առաքելութեան։ Հայրենիքի հզօրացումը առաքելութիւն է եւ իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է մաս կազմել այդ առաքելութեան», յայտնեց Հայրապետը։
Երկրորդ՝ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգին ու տեսլականը մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է այսօր մղէ մասնակից դառնալու Արցախի անկախութեան ամրապնդման։ Խօսելով բռնագրաւուած եւ մեր ժողովուրդին արիւնով ազատագրուած Արցախին մասին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Արցախը ոչ մէկ սակարկութեան զոհ կրնայ դառնալ այսօր, իսկ որպէս ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգիի ու տեսլականի գործնական առաջին քայլ, Արցախը մաս պէտք է կազմէ Հայաստանին։
Երրորդ՝ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգիին հաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ մեր կեանքէն հեռացնել ամէն տեսակ մօտեցումներ, գործելակերպեր, մտածելակերպեր, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս բեւեռացումներ կը յառաջացնեն, շեշտեց Հայրապետը։ «Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մեր ժողովուրդի զաւակները իրարմէ հեռացնող կացութիւններ կը ստեղծեն ամէն տեսակ քայլեր, որոնք Հայաստանի, Արցախի կամ Սփիւռքի կեանքէն ներս ներքին ցնցումներ կը յառաջացնեն։ Ո՛չ, հազա՜ր անգամ ո՛չ։ Մենք կը մերժենք նման մօտեցումներ։ Մեր պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին, երբ մենք շրջապատուած ենք թշնամիներով, որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդի ներքին միասնակամութիւնը հրամայական առաջնահերթ ու անհրաժեշտութիւն է»։
Եզրափակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ամէն տեսակ նախաձեռնութիւն, որ արծարծ կը պահէ միասնակամութեան ոգին եւ իրարու կը մօտեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակները, «որովհետեւ ա՛յս է մեր ժողովուրդի ու մեր պատմութեան ճշմարիտ ճամբան» ու կոչ ուղղեց ըսելով՝ «բոլորուինք հայրենիքի հզօրացման մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն շուրջ։ Ահա այս գիտակցութեամբ ու այս նախանձախնդրութեամբ մենք արժանի կը դառնանք Մայիս 28-ով կերտուած մեր հերոսներու սրբազան աւանդին։ Ամբողջական ու միացեալ Հայաստանը պէտք է մնայ մղիչ ոյժ ու տեսլական եւ քալենք յառաջ դէպի մեր ժողովուրդի լուսապայծառ ապագան»։
Յայտնենք, որ Մայիս 28-ի տօնակատարութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Արմենոֆասի ժողովի անդամները։