Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2019-ին, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ: Անոնք իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանակեցին իրար՝ Հայաստանը յուզող ներքին հարցերուն գծով:

 

Նորին Սրբութիւնն ու Վարչապետը կարեւորութեամբ շեշտեցին սահմանադրական կարգերը յարգելու եւ Հայաստանը ներքին ցնցումներէ հեռու պահելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: