Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը, ընկերակցութեամբ իրենց գործակից պատուելիներու։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք եւ յատկապէս Գալիֆորնիոյ առնչուած հարցերուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ ներդաշնակ ու սերտուած գործակցութիւն մը ծաւալելու կարեւորութեան եւ այս ծիրին մէջ մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման։