Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Յուլիս ամսուան ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ տարուան նուիրուած համահայկական համագումարին, յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին շարք մը դեսպաններու «Թռչնոց Բոյն» կատարելիք այցելութեանց, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ այլ հարցերու մասին։

 

Յայտնենք, որ օր մը առաջ դեսպանին գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին այցելած էին Տաւուշի մարզպետը՝ Հայկ Չոպանեանը եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստեանը, որոնք Լիբանան ժամանած էին Տաւուշի շրջանին տնտեսական զարգացման աշխատանքներու առնչուած ծրագիրներու համար։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Տաւուշի պատասխանատուներուն նախաձեռնութիւնը՝ շեշտեց Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը, նկատի ունենալով երկու երկիրներու բարեկամութիւնը եւ ունեցած տնտեսական լայն կարելիութիւնները։