ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի նիստը։

 

Կրօնական Ժողովին յաջորդող յիշեալ Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր Կաթողիկոսարանի վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնագաւառներու առնչուած ծրագիրներ։ Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումի հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ։ Քննարկումներու ծիրին մէջ կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան եւ այդ շրջագիծէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութեան։ Կաթողիկոսարանի անմիջական հովանաւորութեան տակ գործող «Թռչնոց Բոյն»ի, Ազգային Ծերանոցի, Ազունիէի Բուժարանի խնամակալութիւններուն կողմէ տրուած զեկոյցները եւս քննարկումի նիւթ դարձան Ժողովին կողմէ։ Ան նաեւ լսեց Կաթողիկոսարանէն ներս գործող հայագիտական կեդրոնի, մանկավարժական դպրոցի, արեւմտահայերէնի ու կրթական ծրագիրներու շուրջ զեկոյցներ, որոնք դարձեալ քննարկուեցան ժողովին կողմէ։ Թեմերը ներկայացնող Քաղաքական Ժողովի անդամներ հակիրճ զեկոյցներ տուին թեմերուն առնչուած կարգ մը իրագործումներու ու հարցերու շուրջ։ Յիշեալ բոլոր նիւթերը ըստ էութեան քննուեցան։ Ժողովը գնահատեց կատարուած աշխատանքը, ողջունեց պատրաստուած նոր ծրագիրները ու յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը Ժողովին թէ՛ բացման եւ թէ եզրափակիչ խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Կաթողիկոսարանը, իր Կեդրոնական Վարչութեամբ եւ յարակից մարմիններով, կը ծրագրէ ու կը գործէ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքը վայելող մեր ժողովուրդին համար։ բ) Կաթողիկոսարանը սոսկ վարչական կեդրոն մը չէ, այլ մեր ժողովուրդին գացող քրիստոնէական առաքելութիւն է ու ժողովրդանուէր ծառայութիւն։ Ա՛յս է ու պէտք է մնայ Կաթողիկոսարանին աշխատանքներուն մղիչ ոյժն ու նպատակը։ գ) Կաթողիկոսարան ու թեմ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ այս մօտեցումով պէտք է գործեն եւ թեմերը գործնապէս մասնակից դառնալով Կաթողիկոսարանի ծրագիրներու իրագործման եւ ընդհանրապէս առաքելութեան։