Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան» կազմակերպութեան նախագահ Դոկտ. Թաուֆիք Պաաքլինի։ Յայտնենք, որ յիշեալ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ եւ սերտ գործակցութիւն ունի ծերակուտականներուն ու երեսփոխաններու եւ զանազան կազմակերպութեանց հետ, եւ համագումարներու, այցելութիւններու ու այլազան ծրագիրներու ճամբով կը զօրակցի Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Վեհափառ Հայրապետին ջանքերով յիշեալ կազմակերպութիւնը նաեւ սերտ կապեր հաստատած է Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակին հետ եւ իր նպաստը կը բերէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման ու յատկապէս ցեպասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն։
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ կազմակերպութեան տարած աշխատանքներուն գծով տեղեակ պահելու Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս նաեւ զինք հրաւիրելու յառաջիկայ Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին՝ խօսք առնելու Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
Յիշեալ հանդիպման ներկայ էին նաեւ կազմակերպութեան եւ Սպիտակ Տան միջեւ կապի պատասխանատուն եւ Լիբանանէն ներս իրենց ներկայացուցիչը։