Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ոյժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, դեսպանատան քարտուղարներէն Դաւիթ Ալավերտեանն ու զինուորական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանը, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը։
«Ինծի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է ողջունել ձեզ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Դուք մեր ժողովուրդին համար հպարտութեան, հզօրութեան եւ միասնականութեան աղբիւրն ու երաշխիքն էք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ՝ աւելցնելով. «Ես հայոց բանակը կը նկատեմ ամբողջ հայութեան բանակը»։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կացութեան ու այս գծով հայկական բանակին վստահուած սրբազան առաքելութեան։ «Բանակի մը զօրութեան աղբիւրը միայն զինամթերքը չէ, այլ ամէն բանէ առաջ հաւատքն է. հայրենիքի պաշտպանութեան համար այդ գիտակից յանձնառութիւնն է», ընդգծեց Հայրապետը, ու դիտել տուաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին հայ երիտասարդներուն հոսքը դէպի հայրենի հողերու պաշտպանութիւն. «Մենք բոլորս նոյն արեան կանչը ունինք, որովհետեւ նոյն ազգին զաւակներն ենք, եւ վստահ եղէք, որ ինքզինք հայ նկատող իւրաքանչիւր անհատ կապուած է ձեզի», աւելցուց Վեհափառ Հայրապետը։
Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսկոսութեան Ս. Աթոռին Սիսի նստավայրէն Անթիլիաս տարագրուելու պատմութեան, Նորին Սրբութիւնը հակիրճ կերպով ներկայացուց Կաթողիկոսութիւնը ու խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան մասին։ Ան յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին տեղի ունեցաւ համազգային հռչակագրի յայտարարութիւն, ուր Հայաստանի իշխանութիւնը եւ Սփիւռքը բարձրացուցին իրենց պահանջքները՝ «բնականաբար տարբեր շեշտերով. սա կարեւոր է, սակայն այդ տարբերութիւնները պէտք է տեղ մը համադրուին ու ներդաշնակուին, որովհետեւ ուղղուածութիւնն ու նպատակը մէկ է», ընդգծեց ան։
Խօսելով ՖԻՆԻՒԼ-ի հայկական ջոկատին Լիբանանի մէջ տարած ծառայութեան, Վեափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Լիբանանը հայերուն զօրակից ու գործակից երկիր մըն է ու անոր ժողովուրդը հպարտ է հայկական բանակով, որովհետեւ ան կը ծառայէ արդարութեան. «Ձեր ճամբով, երկու ժողովուրդներուն՝ հայերուն ու արաբներուն յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդուին», ըսաւ ան։
Հանդիպումէն ետք, Ջոկատը եղաւ Նորին Սրբութեան ճաշի հիւրը։
Նշենք, որ Ջոկատը շրջեցաւ Մայրավանքի շրջափակը, այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան հարիւրամեակի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն՝ Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ ու հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Սարդարապատի ճակատամարտ մղած Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին շիրիմին առջեւ։ Ջոկատը նաեւ այցելեց Ս. Աստուածածին Վանք, Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի որբանոց եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան։