ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԵԱՆՔԻ

Աւագ Շաբաթը իր լրումին հասաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, անգամ մը եւս իր երդիքին տակ համախմբեց իր հաւատացեալ զաւակները, որպէսզի Քրիստոնէավայել կերպով նշուի Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնը։

 

Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։ Ս. Պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։

 

Հաւատացեալներու կողքին, Պատարագին ներկայ էին նաեւ դեսպաններ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, Կաթողիկոսարանի բարերարներ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքը՝ թէ Քրիստոս յարութիւն առաւ, որպէսզի «մենք նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռ 6.4)։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ Առաքեալին այս հաստատումը ամբողջական ու հարազատ կերպով կը ներկայացնէ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը, որ մարդուն վերանորոգ կեանք պարգեւել էր։ Արդարեւ, մարդը իր ազատ կամքով ընտրած էր մեղքի ու չարի ճամբան՝ մերժելով Աստուծոյ պարգեւած շնորհքները եւ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պատասխանատուութիւնը։ Այլ խօսքով, մարդը մերժած էր Աստուծոյ գործակիցը դառնալու երկնային պարգեւը ու դարձած էր չարին գործակիցը։

 

Շարունակելով իր պատգամը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Աստուածատուր կեանքը ապականած մարդուն վերստին կեանք պարգեւելու առաքելութեամբ աշխարհ եկած էր Աստուծոյ Որդին։ Իր առաքելութեան սկիզբը Քրիստոս յայտարարեց, թէ ես եկայ որպէսզի առաւել կեանք ունենանք։ Առաւել կեանքը քրիստոնէական հասկացողութեամբ աստուածատուր ու աստուածակեդրոն կեանքն է. երկնային շնորհքներով ու բարիքներով շաղախուած կեանքն է. Քրիստոսի յարութեամբ վերանորոգուած կեանքն է։ Ահա թէ ինչու առաւել կեանքի նուաճումը Քրիստոսի յարութեամբ դիւրին չեղաւ. դէպի յարութիւն ուղղուած Քրիստոսի առաքելութիւնը եղաւ խաչի ճանապարհ։ Ինչպէս հայ եկեղեցւոյ շարականը կ՚ըսէ՝ Քրիստոս մահով մահը յաղթեց եւ յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց»։

 

Ապա, Հայրապետը շեշտեց Քրիստոսի յարութեամբ մեզի տրուած վերանորոգ կեանքը ապրելու ու արժեւորելու հրամայականը։ «Չմոռնանք, որ Քրիստոս մեզի համար իր արիւնը թափեց, մեզի համար գերեզման իջաւ ու մեր առջեւ բացաւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող վերանորոգ կեանքի ճամբան։ Այդ կեանքի ճամբէն քալելը քրիստոնեայ մարդուն համար կ՚ենթադրէ ամէնօրեայ զոհողութիւն, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ՝ ան որ կը հաւատայ իր խաչը թող առնէ եւ ետեւէս գայ։ Արդարեւ, Քրիստոսի յարութեամբ մեզի տրուած վերանորոգուած կեանքը մենք կրնանք ապրիլ, երբ մեր կեանքը բարիքներով լեցնենք, երբ մեր կեանքը այնպիսի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով շաղախենք, ուր ճառագայթէ յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը։ Ահա՛ Քրիստոսի յարութեան պատգամը մեր ժողովուրդի զաւակներուն» եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը օրհնեց հաւատացեալներու  հոծ բազմութիւնը եւ տուաւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին յարութեան աւետիսը՝ յայտարարելով «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»։ Ապա, ան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւններ։