26 March, 2019

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենին։

 

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց ներկայ փուլին։ Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած յատուկ կապը Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ եւ այն սերտ գործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ։ Այս առիթով դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցեցաւ Վատիկանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան շուրջ համագումար մը կազմակերպելու ծրագիրին մասին։

 

Յայտնենք, որ Դոկտ. Խազեն եղած է պետական երեսփոխան եւ երկար տարիներ միջազգային օրէնքի դասախօս՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս։

More News