24 Մարտի, 2019

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ այս օրերուն գումարուող միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդաց համագումարի մասնակիցներէն խումբ մը երիտասարդներ՝ զանազան երկիրներ ներկայացնող։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պատարագին աւարտին, ողջունելով երիտասարդներուն ներկայութիւնը՝ ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը արիւնը կը կազմէ ազգի մը, եկեղեցւոյ կամ կազմակերպութեան մը։ Անհրաժեշտ է, որ այս գիտակցութեամբ երիտասարդութիւնը մօտենայ իր դերին եւ այս նախանձնախնդրութեամբ մենք լայն տեղ տանք երիտասարդութեան մեր եկեղեցիներէն, կառոյցներէն ու հաւաքական կեանքէն ներս»։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու առկայութիւնը երիտասարդութեան կեանքին մէջ. «Անհրաժեշտ է, որ բազմատեսակ չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ քրիստոնեայ երիտասարդները զինուած ըլլան հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով՝ դիմագրաւելու համար նոր օրերու տեսանելի ու անտեսանելի չարիքները»։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանէն ներս ընդունեց երիտասարդները։ Անոնց կողմէ անգլերէն լեզուով խօսք առնելով Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, ընդհանուր գիծերով ներկայացուց համագումարը եւ երիտասարդներուն գործօն մասնակցութիւնը համագումարի աշխատանքներուն։ Հայրապետը, իր կարգին, անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներու երիտասարդութեան քրիստոնէական ինքնութիւնը պահելու հրամայականին եւ անգամ մը եւս շեշտեց եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան երիտասարդութեան բերելիք նպաստին կարեւորութիւնը։

 

Յայտնենք, որ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 1500 երիտասարդ, շուրջ 50 երկիրներէ։ Համագումարին կը մասնակցին նաեւ Լիբանանի, Սուրիոյ ու Թեհրանի թեմերը ներկայացնող երիտասարդներ։

More News