12 February, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԵՐԱԺԻՇՏ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 12 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանէն ժամանած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը։

 

Պրն. Մանսուրեան շուրջ շաբաթ մը պիտի մնայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, որպէս հիւրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Անոր այցելութիւնները պիտի ընդգրկեն Թռչնոց Բոյն, Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Ս. Աստուածածին Վանք ու Դպրեվանք։ Ան ներկայ պիտի գտնուի Մայր Տաճարէն ներս կատարուելիք եկեղեցական արարողութեանց, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանահայ մշակութային միութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Պրն. Մանսուրեան պիտի այցելէ նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի հայաւանը։

More News