31 January, 2019

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2018-ին, Պէյրութի նահանգաապետ Զիատ Շպիպը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնախումբի անդամ՝ Արամ Մալեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Հանդիպման ընթացքին նահանգապետը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն ընթացքը։

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետին նաեւ այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանն ու դեսպանատան քարտուղարներէն Դաւիթ Ալավերտեանը։ Անոնք Նորին Սրբութեան փոխանցեցին Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Մեծայարգ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ նամակ մը։ Հայրապետը ողջունեց դիւանագիտական առաքելութեան նորանշանակ դիւանագէտները, յաջողութիւն մաղթեց անոնց՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս բոլոր գաղութներէն ներս, միշտ պատրաստ է իր աջակցութիւնը ընծայելու Հայաստանի դեսպանատուներու աշխատանքներուն։

More News