30 January, 2019

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ Ս. ԱԹՈՌԻՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԱՐԶԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաճախակի առիթներով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան: Արդարեւ, վերջերս Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին պատասխանատուներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու հրամայականը։ Ան յիշեցուց, որ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը միայն Միջին Արեւելքի պատկանող երեւոյթ մը չէ, այլ նաեւ ներկայ բազմակրօն ընկերութիւններուն։

 

Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը իր արմատական փոփոխութիւններով ու մարտահրաւէրներով առաւել եւս կը շեշտէ ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց ու երկխօսութեանց անհրաժեշտութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել սոյն մարզին՝ հետեւողական կերպով մասնակից դառնալով այս ուղղութեամբ կազմակերպուող համագումարներուն եւ հանդիպումներուն:

 

Վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետին ստացած հրաւէրներուն համաձայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի մասնակցի հետեւեալ համագումարներուն.-

 

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմ)ի պիտի մասնակցի Իրանի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի մը:

 

Տիկին Թենի Սիմոնեան գործակցութիւն պիտի հաստատէ Եւրոպայի իսլամական «ֆորում»ին հետ՝ ընդառաջելով իրենց փափաքին:

 

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց) պիտի մասնակցին Փետրուարի սկիզբը Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին պաշտօնական այցելութեան  առիթով տեղի ունենալիք համագումարին, ուր նաեւ պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին յատուկ պատգամը:

More News