15 Հունվարի, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 14 Յունուար 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի նշանակման առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց զինք: Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Լիայոյս ենք, որ թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակները ու մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները պիտի արդարցնէք ժողովրդանուէր ու հայրենակերտ ծրագիրներու մշակումով ու իրագործումով»:

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահ Արարատ Միրզոյեանի ընտրութիւնը:

More News