4 January, 2019

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ՝ Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ին, յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ հիւրերը.-

 

1) Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Հասսունի անձնական ներկայացուցիչը եւ Նորին Սրբութեան փոխանցեց Միւֆթիին կողմէ նամակ մը՝ հրաւիրելով Հայրապետը այցելելու Դամասկոս։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց Հանրապետութեան Միւֆթիին՝ յայտնելով իր ներկայացուցիչին, որ մօտ ապագային ինք անձամբ պիտի այցելէ Դամասկոս ու Հալէպ եւ այդ առիթով, բնականաբար, նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Հանրապետութեան նախագահին եւ Միւֆթիին հետ։

 

2) Նորին Սրբութեան այցելեց Լիբանանի Օգնութեան Խաչի վարչութիւնը՝ յայտնելու իր շնորհաւորութիւնը Հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։ Իմանալէ ետք ԼՕԽին ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց անոր մարդասիրական ու ընկերային ծառայութիւններուն համար՝ վերահաստատելով եկեղեցւոյ ամբողջական զօրակցութիւնը մեր ժողովուրդին ուղղուած ընկերային ու մարդասիրական ծառայութիւններուն գծով։

 

3) Հայրապետը նաեւ ընդունեց Չինաստանի Մինզու համալսարանէն ժամանած չորս փրոֆեսորներ, որոնք պիտի մասնակցին յառաջիկայ օրերուն Կաթողիկոսարանէն ներս տեղի ունենալիք «Կրօնքը եւ Մետաքսէ Ճամբան» խորագրեալ համագումարին։ Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարին բացումը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 7 Յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 04։00-ին Վեհափառ Հայրապետին պատգամով։

More News