30 Դեկտեմբերի, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ.-

 

— Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս գործող Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն լծուած յատուկ գրասենեակի պատասխանատուն Դոկտ. Միշէլ Նսէյր։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նախ Նորին Սրբութեան ներկայացնելու վերջին շրջանին տարուած աշխատանքները, ապա ունենալու Անոր թելադրութիւնները յառաջիկայ ծրագիրներուն գծով։ Հայրապետը շեշտեց քրիստոնեայ համայնքները վերակազմակերպելու եւ Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն զանոնք գործնապէս մասնակից դարձնելու կարեւորութիւնը։

 

— Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Պարոն դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր նոր դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելէն ետք Լիբանանի պետական ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արժեւորումը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց դեսպանին կատարած աշխատանքը եւ շեշտեց Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ  գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս։

 

— Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Կաթողիկոսարանի Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի վարչութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ վարչութեան կատարած գործունէութեան ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու, միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակելու համախմբումին յառաջիկայ աշխատանքները՝ առաւելագոյն չափով ներառելով մեր համալսարանաւարտները ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

 

— Նորին Սրբութիւնը կարճ այցելութիւն մը տուաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպած Նոր Տարուան հաւաքին, գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ իր հայրական խօսքը ուղղելով անոնց՝ շեշտեց մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքէն ներս յառաջիկային իրենց կատարելիք ներդրումին կարեւորութիւնը։

More News