23 December, 2018

«Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ԿԵԱՆՔՈՎ ՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՐՁԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քրիստոնեայ առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի շունչը այսօր պարուրած էր Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, որովհետեւ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած սուրբին մասունքը դուրս բերուած էր՝ իր օրհնութիւնը տալու հաւաքուած հաւատացեալներուն։ Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տօնը։ Ս. եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։ Պատարագի աւարտին, Դպրեվանքի սարկաւագները Վեհարանի դահլիճին մէջ Ս. Ստեփանոս նախավկային տօնը նշեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով, որուն աւարտին Վեհափառ Հայրապետին պատգամը լսեցին ու օրհնութիւնը ստացան։

 

Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ եկեղեցւոյ հաւատաւոր ծառայ եւ սարկաւագ ըլլալուն մասին՝ մեկնելով Ս. Ստեփանոս նախավկային օրինակէն։ Ան ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոս կը պատկանի այն եօթը սարկաւագներուն, որոնք ընտրուած էին Յիսուսի առաքելաներու կողքին ծառայելու ժողովուրդին հետզհետէ բազմացող պէտքերուն։ Իսկ Ս. Ստեփանոսի յատկութիւնը կու գար անոր անկեղծ, անշահախնդիր, իմաստուն եւ Ս. Հոգիով պարուրուած ըլլալէն։ Վկայակոչելով Ս. Ստեփանոսի Աստուածատուր կեանքը, Սրբազանը հաւատացեալներուն յորդորեց դժուարութիւններու ժամանակ ապաւինիլ Ս. Հոգիին, որովհետեւ Անոր իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ լեցուած մեր դէմքերը պիտի փայլին ու մենք պիտի վայելենք Աստուածատուր ուրախութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ ըլլանք հաւատքի զօրութեամբ զինուած, ինչպէս որ էր Ս. Ստեփանոս։

 

Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ։ Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը ներկայացուց Ս. Ստեփանոսի նուիրուած փունջ մը շարականներ, ընթերցուեցան «Նարեկ» աղօթամատեանէն ու Աւետարանէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ արտասանուեցաւ սուրբին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։ Այս առիթով, յանուն սարկաւագներուն Բարշ. Մուշեղ Սրկ. Գարակէօզեան ընթերցեց ուղերձ մը։

 

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը։ Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իւրաքանչիւր տօն պատգամ մը ունի փոխանցելիք, այլապէս ոչ մէկ իմաստ կամ խորհուրդ կ՚ունենան տօները, եւ աւելցուց, որ միայն այս գիտակցութեամբ մօտենալով տօներուն կրնանք կեանքի կոչել անոնցմէ իւրաքանչիւրին նշանակութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին հիմնական խորհուրդները՝ ընդգծելով անոր Հաւատքի Մարդ, Վկայութիւն ունեցող Սուրբ եւ հաւատքի ու ծառայութեան խորհրդանիշ ըլլալուն յատկութիւնները։ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ Ս. Ստեփանոսին՝ իր հաւատքով ու ծառայութեամբ մեծութիւն կերտելն ու մեծութեան խորհրդանիշ ըլլալը, ու ընդգծեց, որ մենք այսօր կարիքը ունինք նման մեծութիւններու։ «Ճշմարիտ մեծութիւնները խոնարհութենէն կը բարձրանան», ըսաւ Հայրապետը, ու շարունակեց. «որքա՜ն կարիքը ունինք ճշմարիտ մեծերու ու մեծութիւններու, որոնք իրենց ներկայութեամբ մեր ազգային կեանքը հարստացնեն հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով ու իտէալներով»։ Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով սարկաւագներուն, անոնց խրատեց հետեւիլ Ս. Ստեփանոսի ճշմարիտ քրիստոնեայի կեցուածքին ու ծառայութեան  եւ անոր վկայութեան օրինակով վերանորոգեն իրենց ուխտը։

 

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց սարկաւագները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

More News