21 December, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու այցելութեանց ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, ականջալուր դարձաւ մամիկներուն ու պապիկներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին։

 

Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ այս բուժարանը սովորական բուժարան չէ, այլ ազգայի՛ն բուժարան է ու կը պատկանի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, իսկ հոն ցուցաբերուած խնամքն ու սէրը այլ բուժարաններու մէջ գտնել կարելի չէ։ Խօսելէ ետք ընտանեկան սրբութեան ու հայկական դիմագիծին պահպանման մասին, Հայրապետը գնահատեց հաստատութեան ցուցաբերած բծախնդիր հոգատարութիւնը մեր մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ։

 

Աւարտին, Ան իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անոնց պարգեւէ առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը օրհնեց բնակարանն ու անոր բնակիչները։

More News