19 December, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2018-ին, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց։ Նորին Սրբութիւնը թափօրով եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց ծերանոց, ուր դիմաւորուեցաւ ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեանի, խնամակալութեան ու տիկնաց յանձնախումբին կողմէ։ Ապա, միաբան հայրերն ու մամիկները-պապիկները միասնաբար երգեցին Ս. Ծնունդի նուիրուած շարականներ, հոգեւոր եւ փունջ մը ազգային երգեր։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը զրուցեց ծերունիներուն հետ ու աւարտին տուաւ իր հայրապետական պատգամը։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին մէջ յիշեցուց, որ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցը ազգի՛ն տունն է, իսկ հոն ծառայողներու կողմէ ցուցաբերուած խնամքը ընտանեկան սէր է, որ երբեք սովորական խնամքի սահմաններու մէջ չ՚իյնար։ Հայրապետը ընդգծեց, որ ազգ ըլլալ կը նշանակէ ընտանիք ըլլալ, իսկ հայ եկեղեցւոյ համար ընտանիքը սրբութիւն է։ Այս ծիրին մէջ ան գօտեպնդեց ծերունիներուն չդադրիլ օրինակ հանդիսանալէ հայ նոր երիտասարդ ընտանիքներուն, որպէսզի շարունակուի ընտանեկան բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու փոխանցումը սերունդներու ընդմէջէն։ Իր խօսքի աւարտին, Ան կոչ ուղղեց նաեւ ազգի զաւակներուն, որպէսզի այս գիտակցութեամբ մօտենան մեր ազգային բոլոր հաստատութիւններուն ու վերյիշեցուց, որ Ազգային Ծերանոցին հոգերը ազգը ի՛նք պարտի հոգալ։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց պատուելին, խնամակալութիւնը, տիկնաց միութիւնը, բուժքոյրերը, բժիշկները, ծերանոցի բարերարներն ու բարեկամները, որոնց աշխատանքին արդիւնքով կարելի կ՚ըլլայ ապահովել ծերանոցին շարունակականութիւնը։

 

Հայրապետը իր խօսքը փակեց՝ ըսելով. «Նոր տարուան սեմին պիտի դիմաւորենք Քրիսոտոսը, որ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Ուրախութեամբ եւ հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորենք Աստուծոյ Միածին Որդին, որպէսզի Ան մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր կեանքին մէջ եւ երջանկութիւն, առողջութիւն եւ երկար կեանք շնորհէ մեզի»։

More News