1 Մարտի, 2013

Դպրեվանեցիները Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 1 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանեցիներ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:           

 

Ժամերգութեան աւարտին, Դպրեվանքի Փոխ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանը քարոզեց բնաբան ունենալով, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի՝ ՙՆայեաց Սիրով՚ շարականին յիշեալ տունը. ՙՍիրոյ կրակդ, որ աշխարհի վրայ ձգեցիր, թող բորբոքի մեր հոգիներուն մէջ. թող մեր սիրտերուն խորհուրդները մաքրէ, քու գիտութեանդ լոյսը փայլեցնէ, մահուան քունէն մեր արթնցնէ, եւ մեր միտքերը քեզմով բոցավառէ. որպէսզի օր ու գիշեր քեզի փառք տանք անդադար՚:           

 

Հսկումի արարողութենէն ետք, դպրեվանեցիներ եկեղեցւոյս հովիւին, թաղականութեան, տիկնանց միութեան եւ դպրաց դասուն հետ համախմբուեցան ընթրիքի սեղանի շուրջ, ուր Դպրեվանքի սաները հոգեւոր եւ ազգային երգերով ու բանաստեղծութիւններով ճոխացուցին երեկոն:  

 

Ընթրիքի աւարտին, Դպրեվանքի ընտանիքին անունով խօսք առաւ, Դպրեվանքի հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեան, որ Տեսչութեան եւ աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար:

 

More News