18 Նոյեմբերի, 2018

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով հանդիպումներ կ՚ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտը դարձած նոր սերունդի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս ծիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ընդունեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները։

 

Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը  իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ծնողներուն՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ արժէքներուն  հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան, եւ իր գնահատանքը յայտնեց փոքրիկներուն ու պատանիներուն, որոնք մասնակից կը դառնան հայ եկեղեցւոյ կեանքին։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն կամաւոր ուսուցիչները, որոնք սիրալիր կերպով իրենց ժամանակը կը տրամադրեն այս սուրբ գործին։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ Հայրապետն ու աշակերտները զրուցեն իրար հետ, ինչպէս նաեւ փոքրիկներն ու ծնողները լսեն Նորին Սրբութեան յորդորները։ Աւարտին, ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները յիշատակի խմբանկար մը առին Վեհափառ Հայրապետին հետ։

 

Յայտնենք, որ նախքան Վեհափառ Հայրապետին հայրական խրատական խօսքը, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները յատուկ յայտագիր մը (շարական, սաղմոս, երգ, նուագ) պատրաստած էին ներկայացնելու համար Նորին Սրբութեան։

More News