5 November, 2018

ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎ

Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր եօթներորդ ժողովը գումարեց 22-26 Հոկտեմբեր 2018-ին, Աթշանէի (Լիբանան) Ասորի պատրիարքական կեդրոնին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան:

 

Առաջին հերթին յանձնախումբը խոր կսկիծով յիշեց իր հիմնադիրներէն՝ ժողովին նախկին Արեւելեան Ուղղափառ ատենապետ, Ղպտի Եկեղեցւոյ Մեթրոպոլիտ Պիշոյի մահուան գուժը: Ապա, Արեւելեան Ուղղափառ ներկայացուցիչները միաձայնութեամբ իրենց նոր ատենապետ ընտրեցին՝ Լոնտոնի Ղպտի արքեպիսկոպոս Մեթրոպոլիտ Անկելոսը: Նախորդ ժողովներուն ընթացքին սոյն յանձնախումբը արդէն իսկ եզրակացուցած էր Քրիստոսի երկու բնութիւններուն եւ Սուրբ Հոգիի բխման գծով իր քննարկումները: Համաձայն յանձնախումբին նիւթերու ցանկին, այս տարուան ժողովի օրակարգի նիւթն էր Եկեղեցւոյ մէջ հեղինակութեան գոյավիճակը: Դիւանի ընտրութենէն ետք ժողովականներէն ոմանք Եպիսկոպոսներու, Սինհոտոսի եւ Տիեզերական Ժողովներու առընչուող իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցին: Կարծիքներ եւ մտահոգութիւններ փոխանակելէ ետք, ժողովը պատշաճ նկատեց յաւելեալ աշխատանքներ կատարել յառաջիկայ տարուան ժողովին հասարակաց մօտեցումները յստակեցնելու նպատակով: Առ այդ, որոշուեցաւ փոխադարձ ուսումնասիրութիւններով երկուստեք ներկայացումներ կատարել: Այս առումով, Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան Արեւելեան Ուղղափառ յանձնախումբին կողմէ յառաջիկայ տարուան համար պիտի ուսումնասիրէ Սինհոտոսի, եպիսկոպոսական ժողովներու եւ եպիսկոպոսական կարգին շուրջ Անկլիքան Եկեղեցւոյ մօտեցումն ու տեսակէտները:

 

Ժողովականները նաեւ առիթը ունեցան այցելելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Վեհափառ Հայրապետը լսելէ ետք ժողովականները, անձնական փորձառութենէ մեկնելով իր թելադրութիւնները կատարեց յանձնախումբին: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անցեալին Աստուածաբանական խնդիրները մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքը փոխեցին: Եկեղեցիներուն աստուածաբանական դիրքորոշումները ճակատագրական դերակատարութիւն ունեցան ժողովուրդներու եւ ազգերու ապագային գծով: Քաղկեդոնի ժողովին մեր կեցուածքը անհերքելի կերպով մեր ազգային պատմութեան ուղին փոխեց: Այսօր սակայն զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ մեր աստուածաբանական երկխօսութիւնները մեզ չհեռացնեն ներկայի մտահոգութիւններէն: Մեր եկեղեցաբանական հաւաքները մեզ պէտք չէ մէկուսացնեն ընկերութիւնը յուզող այսօրուան հարցերէն… Որպէս Քրիստոնեայ Եկեղեցիներ, մենք բնականաբար կոչուած ենք իրարու օժանդակելու… Միջին Արեւելքը ունի իր զգայնութիւնները եւ հետեւաբար Արեւմուտք բնակող Քրիստոնեաները պէտք է նկատի առնեն այս մէկը: Աղօթքի կողքին անոնց դրական զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը անհրաժեշտ են այսօր»:

 

Յանձնախումբի անդամները իրենց կարգին վստահեցուցին թէ Նորին Սրբութեան մտահոգութիւններն ու թելադրանքները իրենց ընկերութիւններուն լսելի պիտի դարձնեն:

 

Մասնակիցները նաեւ առիթը ունեցան բարձրանալու Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք, ուր մօտէն ծանօթացան Դպրեվանքի ներքին կեանքին եւ առաքելութեան:

 

Ժողովի շաբթուան աւարտին, յանձնախումբը հաւատարիմ այս տարուան Լիբանանի մէջ կայացած ժողովին, անգամ մը եւս շեշտեց կարեւորութիւնը Քրիստոնէական միասնականութեան: Ժողովականները գիտակցեցան թէ այլեւս դիւրին չէ «Արեւելքի Եկեղեցի» եւ «Արեւմուտքի Եկեղեցի» մակդիրները օգտագործել, որովհետեւ արեւելեան Եկեղեցիները այլեւս իրենց աւանդական սահամաններէն անդին են: Հետեւաբար, մէկուն մտահոգութիւնը բոլորինն է: Երկրագունդին ամբողջ տարածքին իրենց գոյութիւնը փաստած ըլլալով, եկեղեցիներ իրարմէ սորվելու, եւ իրարու օժանդակ դառնալու կոչուած են: Իրօք մէկուսացումը այլեւս ընտրութիւն մը չէ անոնց համար:

 

Ժողովականներ աւարտին եւս աղօթք կատարեցին Հալէպի մէջ առեւանգուած Ասորի Եպիսկոպոս Գրիգորիոս Եուհաննա Իպրահիմ եւ Յոյն (Ռում) Օրթոտոքս Եպիսկոպոս Պուլոս Եազիճի մեթրոպոլիտներուն համար: Բոլոր ժողովականները նաեւ երախտապարտ էին յանձնախումբի անդամներուն իրարու նկատմամբ ունեցած եղբայրական սիրոյ եւ յարգանքին:

More News