3 March, 2013

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Եթովպիոյ նոր Պատրիարքին գահակալութեան

Կիրակի 3 Մարտ 2013, Ատիս Ապապայի Ս. Երրորդութիւն Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն.Ս. Ապունա Մաթիասի գահակալութիւնը: 

          

Հայ Եկեղեցին իր երկու հայրապետական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս արարողութեան: Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան (Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան (Առաջնորդ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի) ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան (Ատենապետ Տնօրէն Ժողովի) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու): 

          

Չորս Սրբազանները Հայ Եկեղեցւոյ աղօթքներով եւ ՙՈւրախ լեր՚ շարականով մասնակցեցան գահակալութեան արարողութեան: Կորիւն Սրբազան կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը, որուն մէջ Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ կը բերէր Հայ եւ Եթովպիոյ Քոյր Եկեղեցիներուն դարաւոր կապերը եւ մասնաւորաբար կ’անդրադառնար նախկին հոգելոյս Փաուլոս Պատրիարքի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ մշակուած ջերմ յարաբերութիւններուն ու յոյս կը յայտնէր նոր թափով շարունակելու զանոնք Մաթիաս Պատրիարքի օրերուն: Ապա, խօսք առաւ Նարեկ Սրբազան եւ յանուն Վեհափառ Հայրապետին պատրիարքական պանակէ մը նուիրեց Եթովպիոյ Եկեղեցւոյ գահակալին:           

 

Երկուշաբթի 4 Մարտ, չորս Սրբազանները եւ Յոյներու Տիեզերեկան Պատրիարքին ներկայացուցիչը հանդիպեցան Մաթիաս Պատրիարքին եւ շնորհաւորեցին Նորին Սրբութիւնը:   

         

Եթովպահայ գաղութին համար յիշատակելի օր դարձաւ Շաբաթ 2 Մարտը, երբ չորս Սրբազանները հայ հաւատացեալներուն աղօթակից եղան Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Աշոտ Սրբազան Սուրբ Պատարագը մատուցեց ու Նարեկ Սրբազան քարոզեց: Ապա, ի պատիւ չորս Սրբազաններուն, հայ ակումբին մէջ ընթրիք տրուեցաւ:     

More News