23 March, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ի գահակալութեան

Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ին գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ երկու օրեր առաջ, Քէնթըրպըրիի (Անգլիա) մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ պետական թէ կրօնական անձնաւորութիւններ: 

 

Գահակալութեան արարողութեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին ներկայ եղաւ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը: Սրբազանը, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ նորընտիր Արք.ին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին: Յաջորդ օրը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր Արք.ը ու անոր փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւնն ու եղբայրական ողջոյնը: 

 

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ին ուղղած իր յատուկ նամակին մէջ, շնորհաւորած էր անոր ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը, մաղթելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Անկլիքան եկեղեցիներու միջեւ էքիւմէնիք գործակցութիւնը աւելի ծաւալի:  

More News