1 Փետրվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: 100-ամեակի մարմինը զեկուցեց իրագործուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատելէ ետք մարմինի տարած աշխատանքները կատարեց թելադրանքներ` Սփիւռքի մէջ նպատակասլաց գործունէութեան, պահանջատիրական ոգին վառ պահելու եւ ոգեկոչականէն անդին իրաւաքաղաքական միջոցներ որդեգրելու եւ մեր պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնման աշխատելու ուղղութեամբ:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը 100-ամեակի մարմինին ծանօթացուց հիմնական երեք ծրագիր, որոնք մշակուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ` Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերակառուցում, «Թռչնոց Բոյն»-ի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնում, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի հաստատում եւ Պիքֆայայի պատմական յուշարձանին շուրջը նահատակաց հրապարակի, Ցեղասպանութեան տարբեր հանգրուանները խորհրդանշող քանդակներով յատկանշուած յուշապատի եւ մատուռի կառուցում:

 

Նկատի ունենալով այս ծրագիրներուն համասփիւռքեան կարեւորութիւնը` 100-ամեակի մարմինը Վեհափառ Հայրապետին առաջարկեց այս կեդրոններուն մէջ 100-ամեակի տարին կազմակերպել համապատասխան տարողութեամբ կեդրոնական ձեռնարկներ:

More News