14 Փետրվարի, 2013

ՙՀայաստան՚ Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց սուրիահայութեան օժանդակութեան 100.000 տոլարը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Հինգշաբթի 14 Փետրուար 2013-ի առաւօտեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յանձնելու համար սուրիահայութեան ի նպաստ հանգանակուած գումարին չեքը:

 

Արդարեւ, մարմինի անդամները Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուցին, որ համայն լիբանանահայութեան ջանքերով 7 Դեկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Ռատիոթոնի ընթացքին հանգանակուած գումարին՝ 100.000 ամերիկեան տոլարը, որոշուած էր յատկացնել սուրիահայութեան, ուստի այդ գումարին չէքը կը փոխանցեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սուրիահայութեան օժանդակութեան յատուկ դրամատնային հաշիւին:

 

Վեհափառ Հայրապետը, գոհունակութեամբ ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինին նախաձեռնած դրամահաւաքին ճամբով սուրիահայ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար լիբանանահայ համայնքի զաւակներուն նուիրաբերած այս գումարը, յոյս յայտնելով, որ լիբանանահայութեան այս քայլը, օրինակ ծառայէ բոլորին` նուիրական նոյն ոգիով օժանդակութեան ձեռք երկարելու տագնապահար սուրիահայութեան:

 

Այս առիթով «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը կրկին անգամ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն:

More News