16 February, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Զագգա Պատրիարքին

Շաբաթ 16 Փետրուար 2013, առաւօտեան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ այցելեց Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ անոր ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման իր մաղթանքները: Յայտնենք որ Զաքքա Պատրիարք վերջին ամիսներուն առողջական պատճառներով հաստատուած է Պիքֆայայի կից գտնուող Աթշանէի ասորիներու վանքին մէջ:

 

Հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ ասորի չորս եպիսկոպոսներ եւ Վեհափառ Հայրապետի կողքին՝ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, առիթ հանդիսացաւ քաննարկումի ենթարկելու երկու քոյր եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան առնչուած հարցեր:

More News