17 Փետրվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մասնակցի յոյն ուղղափառ Պատրիարքի գահակալութեան

Կիրակի 17 Փետրուարին, Պէյրութի Յոյն Ուղղափառներու Ս. Նիքոլաոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութիւնը Նորընտիր Եուհաննա Ժ. Պատրիարքին: Ներկայ էին նաեւ երկրի Նախագահը եւ վարչապետը Լիբանանի բոլոր հոգեւոր պետեը ներկայ եղաւ Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Միջ–եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Գաւազանակիր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի: Իր խօսքին մէջ նորընտիր Պատրիարքը շեշտեց քրիստոնէութեան դարաւոր ներկայութիւնը շրջանէն ներս, Անտիոքի պատրիարքութեան կարեւոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութիւնը ամրացնելու հրամայականը:

 

Պատարագէն ետք, Պրիսթոլ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որու ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Պենետիքթոս Պապին ներկայացուցիչը եւ Տիեզերական Պատրիարքութեան, Երուսաղէմի, Աղեքսանդրիոյ, Ռուսիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Վրաստանի, Ռումանիոյ, Չեխոսլաւաքիոյ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն կողմէ խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան շեշտեց երեք կէտեր՝ ա) քրիստոնէական միութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը, բ) քրիստոնեայ–իսլամ գործակցութիւնը աւելի կազմակերպելու հրամայականը, գ) քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ այս առիլթով Լիբանան ժամանած օտար Հոգեւոր պետերուն հետ, որոնց կարգին նաեւ՝ Պապի ներկայացուցիչ Կարտինալ Քոխին:

More News