18 Փետրվարի, 2013

Պետական Երեսփոխան Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան կը ստանձնեն Պիքֆայայի վանքին Նահատակաց խորանին բարերարութիւնը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին ընդառաջելով, պետական երեսփոխան եւ նախկին նախարար` Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան ստանձնեցին բարերարութիւնը Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցուելիք Նահատակաց Խորանին: Սոյն խորանը պիտի կառուցուի հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող Նահատակաց Յուշարձանին մօտ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

 

Յիշեալ ծրագիրի իրագործումին համար Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան տրամադրած են երկու հարիւր յիսուն հազար Ամ. տոլար:

 

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնած է Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեանին, որուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ՝ «Մեզի համար հոգեկան խոր գոհունակութիւն է այս առիթով անդրադառնալ Ձեր ազնուական ծնողքին՝ Տէր եւ Տիկին Կարպիս Նազարեանի բերած կարեւոր նպաստին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս Հ.Բ.Ը.Միութեան ճամբով: Արդարեւ, դուք Ձեր ծնողքէն ժառանգած էք ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած սէրն ու նախանձախնդրութիւնը: Ահաւասիկ այդ ոգիին արտայայտութիւնն է որ կրկին անգամ կը մարմնաւորուի Ձեր այս նուիրատուութեամբ»:

More News