12 March, 2013

ՙԱնհրաժեշտ է մեր երիտասարդները համախմբել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն շուրջ՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի 12 Մարտ 2013-ի գիշեր, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանականներու Միութեան նոր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ միութեան հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեանին: Նոր վարչութեան մաս կը կազմեն Ռազմիկ Միքայէլեան ¥ատենապետ¤, Լեւոն Նաճարեան, Նազելի Մանուկեան, Կասիա Պարսումեան եւ Նարէ Սաղտըճեան:

 

Ողջունելով ՀԵՀՈՄ-ի նոր վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետը շետեց միութեան կարեւորութիւնը՝ երիտասարդութիւնը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն շուրջ համախմբելու իմաստով: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այս տարի յիսնամեակն է ՀԵՀՈՄ-ին: 50 տարիներ շարունակ այս միութիւնը ծառայեց՝ իր շուրջ համախմբելով մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները որպէսզի անոնք լիցքաւորուին մեր հոգեւոր, բարոյական, ազգային ու մշակութային արժէքներով: Որեւէ ժամանակէ աւելի հրամայական կը նկատենք մեր երիտասարդութեան համախմուբը մեր եկեղեցւոյ կառոյցներուն ու արժէքներուն շուրջ: Ահա այս ուղղղութեամբ կենսական է դերը ՀԵՀՈՄ-ին»:

 

Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պարզեց ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց գտնուող հայ երիտասարդութեան մասին: Ան անդրադարձաւ համաշխարհայնացումի հետեւանքներուն յատկապէս տեղեկատուական ու մշակութային մարզերէն ներս: Հանդիպումի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց նոր վարչութեան որպէսզի յատուկ աշխատանք տանին մեր երիտասարդները համախմբելու մեր հոգեւոր ու ազգային կառոյցներուն ինչպէս նաեւ ՀԵՀՈՄ-ին շուրջ:

More News