24 Մարտի, 2013

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հայ մանուկները ծաղկազարդուած Անթիլիասի Մայրավանքէն

Կիրակի 24 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասը ծաղկազարդուած էր կրկին անգամ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով Անթիլիասի Մայրավանք համախմբուած էին՝ հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու տօնը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին: Տարիներու ընթացքին հայ մանուկներու կեանքէն ներս ցնծութիւն յառաջացնող Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առնչուած այս դէպքը բնական ընթացքով դարձած էր Մանուկներու Օր: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց այս երեւոյթը, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս մանուկներու յատուկ թափօր կազմակերպելով եւ մանաւանդ հայ մանուկները իրենց ծնողներով ընդունելով Վեհարանէն ներս եւ անոնց բաշխելով իր Հայրական օրհնութիւնը:

 

Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին Ծաղկազարդի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հարիւրաւոր մանուկներու կողքին: Օրուան պատարագիչն էր՝ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան: Դպրեվանքի սարկաւագներուն ու սաներուն հետ միասին մեր մանուկները մաս կազմեցին աւանդական թափօրին, զոր կը գլխաւորէր Պատարագիչ Սրբազանը:

 

Թափօրի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի պատշգամէն իր Հայրական խօսքը ուղղեց Մայրավանքի շրջաբակին մէջ հաւաքուած մանուկներուն ու ծնողներուն, ըսելով «Ուրախութի՛ւն է մեզի համար տեսնել այս մանուկները համախմբուած Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Ուրախութի՛ւն է մեզի համար տեսնել մեր ծնողները, որ իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած կ’առաջնորդեն դէպի եկեղեցի։ Ուրախութի՛ւն է մեզի համար տեսնել, մեր մանուկներն ու ծնողները հաւատքի զօրաւոր մղումով հաւաքուած այստեղ, դիմաւորելու համար յաղթական Քրիստոսը։ Եւ վստահ եմ, որ հիմա մեր Փրկիչը Քրիստոս կը հրճուի ի տես այս հրաշալի տեսարանին, որովհետեւ ինքն էր որ մեծ սիրով ըսաւ. “Թոյլ տուէք մանուկներուն, որ ինծի գան”»: Ապա, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով կրթելու մեր զաւակները: Ան ըսաւ, «որ հայ ընտանիքը մեզի համար սրբութիւն է, որովհետեւ ան որոշ իմաստով եկեղեցի է, դպրոց է ու հայրենիք: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է հայ ընտանիք կազմենք. ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ծնողքը պէտք է իր առաքելութիւնը կատարէ՝ դաստիարակելով իր զաւակները: Եւ այս բոլորին մէջ, մեծագոյն պատասխանատուութիւնը՝ Հայ մօր պահուած է։ Որովհետեւ.- Հայ մայրերն են, որոնք իրենց զաւակները պիտի դաստիարակեն քրիստոնէական ու բարոյական առողջ սկզբունքներով։ Հայ մայրերն են, որոնք պիտի կերտեն ապագայ սերունդները։ Հա՛յ մայրերն են, որոնք իրենց զաւակներուն պիտի փոխանցեն մեր հոգեմտաւոր արժէքներն ու աւանդութիւնները»։

 

Վեհափառ Հայրապետին Հայրական խօսքէն ետք, Պատարագը շարունակուեցաւ եւ մանուկները իրենց ծնողներուն հետ միասին Վեհարան բարձրացան՝ ստանալու համար Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը:

More News