29 Մարտի, 2013

Քրիստոսի Թաղման Կարգին նախագահելով՝ ՙՔրիստոս գերեզման իջնելով իր հետ նաեւ գերեզմանեց մարդուն մեղքը՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քրիստոնեայ աշխարհին համար «Աւագ Ուրբաթ»-ը երկիւղածութիւն ու յարգանք պարտադրող օր է, որպէս մեր Տիրոջ մարդկութեան հանդէպ ունեցած գերագոյն սիրոյ նշան, որուն համար յանձն առաւ Աստուածորդին գերեզման իջնել:

 

Արդարեւ, Ուրբաթ 29 Մարտ 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հարիւրաւոր հաւատացեալներ, իրենց նուիրաբերած ծաղիկներով զարդարեցին Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը, եւ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցին Մայրավանքի շրջաբակը: Քրիստոսի թաղման արարողութեան հանդիսապետեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ այս առիթով փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը: «Սուրբ Աստուած»-ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ Միաբան Հայրեր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող բեմին առջեւ, իրենց վեղարները հանելով գլխաբաց ծնրադրեցին, կատարելով Աստուածորդիին Թաղման Կարգը։ Ծանրագին կտաւներով ծածկուած Քրիստոսի գերեզմանը զարդարուած էր նաեւ Կենաց Խաչափայտի մասունքով եւ Կիլիկիայէն բերուած հնադարեան սպասներով:

 

Վեհափառ Հայրապետը ներկայ բազմութեան ուղղելով իր Հայրապետական պատգամը, օրուան խորհուրդին ընդմէջէն հաւատացեալներուն հաղորդեց Քրիստոսի Սուրբ գերեզմանին զօրութիւնը եւ անկէ ճառագայթող յարութեան շունչը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Խաչը Քրիստոսէ առաջ հոմանիշ էր մահուան: Քրիստոսով ան եղաւ խորհրդանիշ կեանքի: Որովհետեւ Քրիստոս խաչ բարձրանալով ու գերեզման իջնելով յաղթեց մեղքին, չարին ու մահուան ու մարդուն շնորհեց աստուածապարգեւ կեանքը: Քրիստոս գերեզման իջնելով իր հետ նաեւ գերեզմանեց մարդուն մեղքը: Ինչո՞ւ Քրիստոս գերեզման իջաւ. մարդուն համար: Մեր եկեղեցին ամէն օր «Սուրբ Աստուած» երգելով կը յիշեցնէ հաւատացեալին, թէ Աստուծոյ Որդին մեզի համար ծնաւ, մեզի համար խաչուեցաւ, մեզի համար թաղուեցաւ, որպէսզի մեզի համար յարութիւն առնէ: Յարութեան ճամբան խաչի ճամբայ է: Այսօր Քրիստոս խաչէն պատգամ մը կու տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ըսելով՝ չվախնալ մեզ շրջապատող մեղքէն, չարէն, տառապանքէն, մահէն: Քրիստոսով մենք յաղթած ենք աշխարհին եւ աշխարհի բոլոր տեսակ չար ուժերուն, ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ, Քրիստոսով մեր առջեւ բացուած է առաւել կեանքի ճամբան»։

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Քրիստոսի գերեզմանին վրայ դրուած «Կենաց Փայտ»-ի մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները։ Հին աւանդութեան համաձայն հաւատացեալ ժողովուրդը անցաւ Քրիստոսի դատարկ գերեզմանին տակէն, ստացաւ Ս. Գերեզմանէն բաշխուող ծաղիկները, յարութեան ու անմահութեան յոյսը իր հետ տանելով իր տունը։

More News