25 Սեպտեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լուտերական եկեղեցւոյ Ուրթըմպըրկ շրջանի հոգեւոր պետ՝ Դոկտ. Ֆրանք Օդֆրիտ Ժուլին պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ։

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնն ու վկայութիւնը, անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց պարզած վիճակին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հրամայականը եւ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան գլխաւոր երեսները։

 

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկում մը կատարելու եւրոպական եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու միջ-եկեղեցական գործակցութեան ճամբով քննելու այն հարցերը, որոնք այժմէական են ու հրատապ, փաստօրէն բոլոր եկեղեցիներու կեանքէն ներս։

More News