12 Սեպտեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւն, որու ընթացքին առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նախորդ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին, անցնող տարիներուն իր նուիրեալ ծառայութեան համար։

Յայտնենք, որ Օշական սրբազանը օրին հանգստեան կոչուելու իր փափաքը յայտնած էր Նորին Սրբութեան եւ Ազգային Իշխանութեան։

More News