12 September, 2018

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԳԱՆՁԱՏՈՒՆԸ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՆԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՆՈՐ ՍՊԱՍՆԵՐՈՎ

Անցնող շաբաթներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին շուրջ համախմբուած կամաւորներ, մէկ շաբթուան վրայ երկարող աշխատանքէ մը ետք իրականացուցին բիւրեղեայ քարերով զարդարուած Ս. Խորանի ձեռագործ վարագոյրներ, ինչպէս նաեւ Ս. Սեղանի եւ այլ ծածկոցներ։

 

Այս աշխատանքներուն միացան նաեւ, երիտասարդական Պատարագէն եւ ուրբաթօրեայ գիշերային «Նարեկեան Աղօթասացութենէն» ետք, Ս. Գրոց ճամբարի տղաքը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին աղօթասացութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ։

More News