20 July, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ, ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂԻՆ

Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս 2018-ին, Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ՝ հովանաւորութեամբ The Global Forum for Religions and Humanity կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Այս ոտնագնդակի խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ՝ Լիբանանի բոլոր համայնքներէն։ Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանը՝ իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն բարենպատակ խաղին։ Խաղը նաեւ կը նպատակադրէր առաւել համերաշխութեան, խաղաղութեան ու միասնականութեան ոգի ներշնչել համայնքներուն միջեւ:

Յայտնենք, որ տեղական բոլոր պատկերասփիւռի կայանները մեծապէս արձագանգեցին՝ շեշտելով ու կարեւորելով խաղին ընդմէջէն արտայայտուող նպատակն ու պատգամը։

More News