6 July, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻԱ

Ընդառաջելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հրաւէրին, այսօր երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի Պատրիարքին հետ յատուկ օդանաւով մեկնեցաւ Իտալիա, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած հաւաքին։ Յիշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Պարի քաղաքին մէջ։

 

Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին։

More News