28 Հունիսի, 2018

«ԿՐՕՆԸ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ» 8-ՐԴ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ տեղի ունեցող 8-րդ երկխօսութիւնը շարունակեց իր նիստերը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ։

 

Նախորդ օրուան առաջին նիստով իրենց զեկուցումները ներկայացուցած էին Այաթոլլա Դոկտ. Ահմետ Մոպալաղի եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ «Կրօնապետներու Փոխազդեցութիւնը Կենսոլորտին Վրայ. Մոհամմետ Մարգարէի եւ Յիսուս Քրիստոսի Օրինակով» նիւթով։ Դոկտ. Մոպալաղի իր ներկայացումին մէջ շեշտը դրած էր երկու հիմնական կէտերու վրայ՝ կենսոլորտին միջ-կրօնական երկխօսութեան առաւելութիւնները եւ Մոհամմետ Մարգարէին տեսակէտները կենսոլորտի շարք մը կարեւոր խնդիրներու շուրջ։ Իր կարգին, Սեպուհ սրբազանը ներկայացուց կենսոլորտը ըստ Աստուածաշնչական ստեղծագործութեան նիւթը։

 

Երկխօսութեան երկրորդ նիստին խորագիրն էր «Կենսոլորտը Եւ Միաստուածեան Կրօններուն Ընդհանուր Բարոյական Արժէքները», ուր իրենց ներկայացումներով հանդէս եկան Թեհրանի Հայոց Թեմէն Արտոյտ Զոհրապեան եւ Փիլիսոփայութեան Ուսումնասիրութեան Իրանեան Բարձրագոյն Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն եւ հետազօտութեան բաժնի փոխ տնօրէն՝ Դոկտ. Շահին Ավանի։ Զոհրապեան զեկուցեց կենսոլորտին խնդիրներուն բարոյական ու բարոյագիտկան արժէքներուն մէջ արմատացած ըլլալուն հարցը եւ անդրադարձաւ կրօններուն՝ մարդոց ուղղելու եւ հաւաքական խիղճը զօրացնելու դերակատարութեան։ Ապա, Դոկտ. Ավանին զեկուցեց մարդուն կեանքը աստուածատուր ըլլալուն եւ մարդոց այդ շնորհքը  անտեսելուն մասին ու ընդգծեց, որ մարդը միայն հողը մշակողն է եւ ոչ թէ սնուցանողը՝ Աստուած ի՛նքն է հողին սնունդ մատակարարողը։

 

«Առողջ Կենսոլորտի Ազդեցութիւնը Անհատական Եւ Ընկերային Կեանքին Վրայ՝ Քրիստոնէական Եւ Իսլամական Մեկնակէտէն» խորագիրով երրորդ նիստին զեկուցեցին Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Դոկտ. Պերճ Հաճեան, Ասթան Քուտուս Ռազավի մշակութային կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն՝ Հոճաթոլիսլամ Հոճադ Կօնապատինեզհատ եւ Իմամ Խոմէյնիի մանկավարժական եւ հետազօտական հիմնարկի դասախօս եւ բարձրագոյն ուսման ծրագիրի ընդհանուր տնօրէն՝ Դոկտ. Մորթեզա Սանէի։ Դոկտ. Հաճեան բաղդատական մը կատարելով մարդ արարածին եւ անասուններուն միջեւ, ցոյց տուաւ առաջինիս տկարութիւնները. ան ըսաւ, որ միւս ապրող էակները աւելի ատակ են յարմարելու բնութեան փոփոխութիւններուն քան մարդը, բայց ասով հանդերձ մարդը կը շարունակէ ինքզինք գերադաս նկատել անասուններէն։ Կօնապատինեզհատ խօսեցաւ մարդ անհատին սպառողականութեան մասին ու թուեց սպառողականութեան քաղաքականութեան կենսոլորտին վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին։ Նիստին վերջին զեկուցաբեր Դոկտ. Սանէի ներկայացուց իսլամութեան մէջ մարդուն եւ կենսոլորտին յարաբերութեան մասին եւ ցոյց տուաւ, որ կենսոլորտին բարելաւման լուծումները աստուածաբանական հիմք ունին քան գիտական։

 

Օրուան վերջին նիստին նիւթն էր «Մարդը Եւ Բնութիւնը Իսլամ Եւ Քրիստոնեայ Ուսուցումներուն Մէջ», ուր զեկուցեցին կրօնի եւ յարանուանութեան համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Սայյըտ Հասան Իսլամի Արտաքանի, թեհրանահայոց եւ հիւսիսային Իրանի Խորհրդարանի անդամ՝ Դոկտ. Կարէն Խանլարեան, եւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։ Դոկտ. Արտաքանի մեկնելով Քուրանի ուսուցումներէն, լուսարձակի տակ առաւ ու վերլուծեց Քուրանին այն բաժինները, որոնք կ՚առնչուին բնութեան հետ։ Դոկտ. Խանլարեան ներկայացնելով Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը, դիտել տուաւ կենսոլորտին հաւասարակշռուած ստեղծագործութիւնը, որ մարդուն ուժի անհաւասարակշռուած գործածութեամբ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Իսկ Հայր Հրանդը դիտել տուաւ, որ կենսոլորտին հիմնախնդիրները մարդոց անձնասիրութեան, ագահութեան ու անտարբերութեան արդիւնքն են։

 

Նշենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում։

 

Յայտնենք, որ ժողովի մասնակիցները երեկոյեան բարձրացան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք՝ առաջնորդութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին։ Այս մէկը առիթ մը եղաւ հիւրերուն, որպէսզի այցելեն Ս. Աստուածածին մատուռ, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորան, Նահատակաց հրապարակ եւ հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան։ Ապա, անոնք Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հիւրասիրուեցան Վեհարանէն ներս։

More News