24 June, 2018

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ նոր նշանակուած Պապական նուիրակ՝ Ճոզէֆ Սփիթերին։

 

Նկատի ունենալով, որ Պապական նուիրակը մօտէն ծանօթ չէ թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ թէ՛ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն մասին, բնականաբար լուսարձակի տակ բերելով Լիբանանը։

 

Խօսելով Լիբանանի կացութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց թէ հայ համայնքը երկրին եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը ըլլալով՝ միշտ երկու նախարարներ ունի կառավարութեան մէջ եւ 6 երեսփոխաններ՝ խորհրդարանէն ներս եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի քաղաքաան կեանքին։

 

Պապական նուիրակը մօտէն ծանօթ ըլլալով Հայրապետին միջ-եկեղեցական կեանքէն ներս ունեցած լայն փորձառութեան եւ Վատիկանի հետ մշակած սերտ գործակցութեան, իր կարգին, շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ գործակցութեան նոր թափ տալու իր պատրաստակամութիւնը։

More News