4 Մայիսի, 2018

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԸ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵԶԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 4 Մայիս 2018-ին, ողջունեց «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը՝ յիշեցնելով անոնց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ «Թռչնոց Բոյն»ի կատարած որբահաւաքի եւ ցեղասպանութենէն վերապրած մեր որբերու դաստիարակութեան հսկայ գործը, այլ նաեւ շարունակուող մարդասիրական առաքելութիւնը։ «Թռչնոց Բոյն»ը տունն է մեր ազգի բոլոր որբացած զաւակներուն եւ զանազան պատճառներով ընտանեզուրկ ու անտէր մանուկներուն։ Այս տան մէջ անոնք կը վայելեն խնամքն ու սէրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» շեշտեց Հայրապետը։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը շուրջ ժամ մը եղաւ փոքրիկներուն հետ ու մօտէն հետեւեցաւ անոնց աշխատանքներուն ու մանկական խաղերուն։ Ան նաեւ այցելեց շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող  որբերուն յատուկ ննջարանները եւ իր գնահատանքը յայտնեց տարուող աշխատանքներուն, որոնք շուտով իրենց աւարտին պիտի հասնին։

«Թռչնոց Բոյն» կատարած իր հայրական այցելութեան վերջին հանգրուանը եղաւ հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, ընկերակցութեամբ թանգարանի խնամակալութեան փոխ-ատենապետին՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի։ Վեհափառ Հայրապետը շրջեցաւ թանգարանի զանազան բաժանմունքները, մօտէն տեղեակ դարձաւ անոր աշխատանքներուն, հայ թէ օտար այցելուներու ցուցաբերած լայն հետաքրքրութեան ու դրական տպաւորութեան եւ անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով թանգարանին եզակի բնոյթն ու դերը հայ իրականութեան մէջ։

More News