29 Ապրիլի, 2018

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԷՇԿԵԱՆ 100.000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս 1996 թուականին հաստատուած «Կիլիկիա» թանգարանը իր բովանդակութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւէ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս։ Հնագիտական ու մշակութային կարեւորութիւն ներկայացնող իրերու կարգին, հոն ցուցադրուած են կիլիկեան շրջանի մշակութային ու կրօնական բնոյթ ունեցող իրեր։ Իր հաստատումէն ետք թանգարանը ստացած է թանկարժէք նոր իրեր։ Հոն կ՚այցելեն հայ թէ օտար հիւրեր։
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ թանգարանի յանձնախումբին հսկողութեամբ, թանգարանը պիտի ենթարկուի վերանորոգման ու վերադասաւորման։ Այս կարեւոր աշխատանքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գալիֆորնիոյ ազգայիններէն եւ Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկեան, 100.000 ամերիկեան տոլարով։
 

More News