4 Ապրիլի, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Արմէն Սարգիսեանի երդման արարողութեան, յատուկ պատուիրակութիւն մը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ։

 

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին, Տիար Հրայր Սողոմոնեան՝ ատենապետ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի եւ Տիար Վահէ Եագուպեան՝ ատենադպիր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան։

More News